Ի՞նչ պատգամ պիտի տայիք ձեր մահուան անկողնին շուրջ գտնուող ձեր սիրելիներուն: Հոգին աւանդող մարդուն վերջին խօսքերը կը յայտնեն իր կամքը եւ իր կարեւոր յանձնարարութիւնները:
Երբ Յիսուս իր աշակերտներէն խնդրեց, որ զիրար սիրեն, տեղեակ էր, որ իր մահուան ժամը հասած էր: Ուստի, ուզեց իրենց թողուլ այս «նոր պատուիրանը» իբրեւ հոգեւոր կտակ (Յովհաննէս 13, 34), որուն համաձայն անոնք պարտին ձեւաւորել իրենց կեանքը, որպէսզի աշխարհը իմանայ՝ թէ իրենք իր աշակերտներն են:
Միթէ՞ Յիսուս գիտէր, որ իր բոլոր առաքեալները մեղաւոր էին: Միթէ՞ գիտէր, որ բոլորն ալ միտումնաւոր ձգտումներ ունէին: Ա'նպայման գիտէր: Սակայն, ճանչնալով հանդերձ մարդկային տկարութիւններն ու փառամոլութիւնները՝ ան իր առաքեալներուն պատուիրեց, եւ, այսօր, մեզի կը պատուիրէ, որ իրար սիրենք: Նման պատուիրան մը կը բխէր իր անհուն մարդասիրութենէն:
Առ այդ, պատրուակները մէկդի դնելով' մեր սէրը չզլանանք ոեւէ մէկուն, զոր Աստուած մեր ճամբուն վրայ կը դնէ, կամ զայն չվերապահենք լոկ մեր սիրելի անձերուն: Եթէ Յիսուս սիրած ըլլար միմիայն իրեն ընկերացող բարեհոգիները, այն ատեն Պետրոսի, Մարիամ Մագդաղենացիին, Յովհաննէսին ու Յակոբին նման անձինք՝ իր հետեւորդներու շարքէն դուրս պիտի մնային:
Չթողունք, որ մեզի դէմ գործուած յանցանքները մեր սէրը մարեն: Եթէ Յիսուս ոխ պահած ըլլար իրեն նկատմամբ թակարդ լարողներուն, զինք զրպարտողներուն, չարախօսներուն եւ ամբաստանողներուն՝ ինքզինք զոհելու ոչ մէկ դրդապատճառ պիտի ունենար: Սակայն, ան զանց ընելով վրէժխնդրութեան զգացումը՝ ուզեց անհունօրէն սիրել իւրաքանչիւր մարդ արարած, առանց խտրութեան:
Սիրոյ առաքինութի'ւնն է, որ տարբեր իմաստ ու բովանդակութիւն կու տայ մեր ապրելակերպին:
Յիսուս գիտնալով, որ մարդոց մեղքը եւ մեղքին պատճառած պառակտումները յառաջ կու գան սիրոյ պակասէն՝ պատուիրեց, որ զիրար սիրենք, որպէսզի քանդուի մեղքին թագաւորութիւնը:
Ուստի, սիրով ապրինք ու վարուինք, նախ մեր ընտանիքի պարագաներուն հետ, ապա՝ մեր շրջապատին հետ, մեր մերձաւորին հետ եւ բնապահպանումի գծով՝ բնութեան հետ: Չթողունք, որ տարակարծութիւնները
տեղ գրաւեն մեր շրջանակէն ներս: Եթէ սիրով եւ ազնուութեամբ սատարենք հանդուրժողութեան, փոխըմբռնումի, ներողամտութեան եւ հաշտութեան, պիտի տեսնենք, որ մեր ընկերութեան դէմ ծառացող մարտահրաւէրները հետզհետէ պիտի նուազին եւ ոչնչանան:
Հ. Գ. Զ
All the contents on this site are copyrighted ©. |